ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի ճատ­րա­կի կազ­մը ա­խո­յեան հան­դի­սա­ցաւ Իս­թան­պու­լի ա­կումբ­նե­րու ա­ռաջ­նու­թեան շրջագ­ծով։ Գար­թա­լի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան մար­զաս­րա­հին մէջ, 23-31 Մա­յիս թուա­կան­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ մրցա­շար­քը, ո­րու ըն­թաց­քին շիշ­լի­ցի­նե­րը յաղ­թա­կան դուրս ե­կան ի­րենց բո­լոր հան­դի­պում­նե­րէն։ Այս նուաճ­ման հի­ման վրայ շիշ­լի­ցի­նե­րը ի­րա­ւունք շա­հե­ցան նաեւ մաս­նակ­ցե­լու Գո­նիա­յի մէջ նա­խա­տե­սուած Թուր­քիոյ ա­կումբ­նե­րու ա­ռաջ­նու­թեան, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 25-31 Յու­լիս թուա­կան­նե­րուն։

Շիշ­լիի ճատ­րա­կի կազ­մը կը մար­զէ Սար­վէն Չաք­մաք, ո­րու հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ կ՚աշ­խա­տին՝ Ճու­լիա Այ­սէ­լի, Ար­սէն Տէ­մի­րօղ­լու, Օ­ղուզ­ճան Ի­չէն, Ա­րաս Թո­կաչ, Ա­սիլ­հան Քուր­շուն, Նա­տին Կեմ­րե­քօղ­լու, Էս­րա Պոզ­տէ­միր, Լա­րա Պաշ­փը­նար, Էզ­կի Տէ­միր­սօյ, Սա­յաթ Թուղ­լա­ճը, Վա­րու­ժան Չը­նար, Ա­լէն Նալ­պան­տեան, Մի­նա Խա­նա­մի­րեան, Ար­տէն Թո­րոս, Մեհ­մէտ Ա­լի Քու­սէյ­րի, Էր­սին Օ­րաք, Օր­քուն Տիզ­տար, Մուս­թա­ֆա Գը­լըճ­պայ, Ա­լի­ճան Գար­թալ­քա­նաթ, Մեհ­մէտ Մերթ Պայ­քա­րա, Հըն­ճալ Էօզ­պա­քըր։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015