«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏՆԵՐԸ

Ներկայ կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտները իրականացուցին շարք մը պտոյտներ։ Այսպէս, անոնք այցելեցին «Քիտնազիա», «Լեկոլանտ» եւ «Աքուարիում»։ Այս երեք պտոյտներն ալ կազմակերպը-ւած էին մեր համայնքէն բարերարներու կողմէ յատկացուած միջոցներով։ Աշակերտները, որոնք դպրոցի ուսուցչական կազմի վերահսկողութեան տակ էին, շատ հաճելի ժամանց ունեցան այս երեք այցելութիւններուն ժամանակ։ Տղաքը վառ տպաւորութիւններ ունենալու առընթեր, պտոյտներու ընթացքին ստացան նուէրներ։

Այսպէսով  կրթական շրջանի աւարտական փուլը Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտներուն համար բնորոշուեցաւ գեղեցիկ յուշերով։

Երկուշաբթի, Յունիս 3, 2019