ՃՀՓ-Ի ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՂԵԿԱՎԱՐԸ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքի դրան խաչի պոկման դէպքի արձագանգները կը շարունակուին։ Իշխանութիւններու վճռակամ արձագանգին եւ յանցագործի անմիջապէս ձերբակալման զուգահեռ՝ քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներ կը շարունակեն արտայայտել իրենց հակազդեցութիւնը այս դէպքին դէմ։ Երէկ, ՃՀՓ-ի Սկիւտարի մասնաճիւղէն ներկայացուցիչներ այցելեցին Գուզկունճուքի եկեղեցին, ուր հիւրընկալուեցան թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ։ ՃՀՓ-ականները զօրակցութիւն յայտնեցին թաղային խորհուրդին։

ՃՀՓ-ի Սկիւտարի մասնաճիւղի ղեկավար Սուաթ Էօզչաղտաշ, անդամներէն Ալի Սելչուք Քայա եւ արուեստագէտ Մուսթաֆա Քեահեա եկեղեցի այցելեցին՝ իրենց հետ ունենալով մեր համայնքէն Արմինէ Գանձանակեանը, որ ՃՀՓ-ի Սկիւտարի մասնաճիւղի կանանց յանձնախումբին կը մասնակցի։ Երէկուան այցելութեան ընթացքին Մուսթաֆա Քեահեա Գուզկունճուքի եկեղեցիին նուիրեց յախճապակիէ պատրաստուած խաչ մը, որ իր ստեղծագործութիւնն էր։ Ան միջոց մը առաջ եւս խաչ մը նուիրած էր Գուզկունճուքի եկեղեցիին։

Ատենապետ Եդուարդ Այվազեան այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն զօրակցական այցելութեան համար, նաեւ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ նուիրուած խաչին բերումով։  

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020