ՍԱՐԸԵԷՐԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՇԻՒՔՐԻՒ ԿԵՆՉԻ ՏԱՆՏԻՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՄԱՆՈՐԻ ՍԵՄԻՆ ԸՆԹՐԻՔ
Սարըեէրի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան «The Grand Tarabya» պանդոկին մէջ կազմակերպուեցաւ ընթրիք մը, որուն մասնակցեցան դիւանակալական, քաղաքական, դիւանագիտական, ակադեմական, փոքրամասնութիւններու, հասարակական եւ մամլոյ շրջանակներէն բազում դէմքեր։ Սարըեէրի քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենչի տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը։ Հարկ է նշել, որ Սարըեէրի քաղաքապետարանը վերջին տարիներուն Ամանորի ընդառաջ կը կազմակերպէ նման ձեւաչափով ընթրիք մը, որ ջերմ ապրումներու առիթ կը հանդիսանայ։ Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենչ, որ խաղաղութեան մաղթանքներով շնորհաւորեց բոլորին մօտալուտ Ամանորը։