ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Գատըգիւղի ընտանիքը վերջերս ոգեկոչեց մեծանուն եւ անմոռանալի ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանը, որու ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանը կը նշուի այս տարի։ Այս առթիւ Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը, որով ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Յայտագրի ընթացքին աշակերտները Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացուցին զանազան երեսակներով։ Ծրագրին պատրաստութիւնը վերահսկած էր ուսուցչուհի Նաժտա Տեմիրճիօղլու։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2019