ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երէկ, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նորընտիր վարչութեան կազմը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Կարապետ Մխալեանի։ Հիւրերը նորին սրբազնութեան բացատրութիւններ փոխանցեցին միութեան վերջերս գումարուած ընդհանուր ժողովին եւ այդ հիմնան վրայ ստեղծուած նոր վարչութեան շուրջ։ Կարապետ Մխալեան եւ իր ընկերները անդրադարձան նաեւ իրենց յառաջիկայ ծրագիրներուն։ Զրոյցի տեւողութեան նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ գնահատեց Ուսուցչաց միութեան կողմէ մշակուած ծրագիրները։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շնորհաւորեց նորընտիր վարչութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։ Ան ընդգծեց կրթական մշակներու համայնքային կեանքէ ներս ստանձնած կարեւոր դերակատարութիւնը ու խոստացաւ զօրավիգ ըլլալ գործունէութիւններուն։

Հանդիպման աւարտին հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ցուցաբերուած հայրական հոգածութեան համար ու մեկնեցան Պատրիարքարանէն։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2018