ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԸՆԴԱՌԱՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ս. Զատկի տօնի սեմին ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։ Դպրոցէն ու եկեղեցիէն ներս ստեղծուած աւանդական միջավայրով ամբողջ Գատըգիւղի ընտանիքն ալ հաղորդ դարձաւ տաղաւարի խանդավառութեան։

Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ներս տեղի ունեցան զանազան հանդէսներ։

Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի գլխաւորութեամբ՝ ուսուցչական կազմը բծախնդիր աշխատանք տարաւ՝ որպէսզի տղաքը թէ՛ ներթափանցեն Աւագ շաբթուան ու տաղաւարի իմաստին եւ թէ ըմբոշխնեն տօնական հրճուանքը։

Արամեան-Ունճեան վարժարանի զանազան դասարանները կեանքի կոչեցին իրենց յատուկ ծրագիրը։ Արտասանութիւններ, երգեր ու թատերակներ ներկայացուեցան, մինչ փոքրիկներ միասնաբար հաւկիթ ներկեցին։ Այսպէսով ամբողջ դպրոցը գիտակցեցաւ նաեւ մեր տօնական աւանդութիւններու խորութեան։

Ուրբաթ, Մարտ 30, 2018