ԶԵԿՈՅՑ 4

Համաճարակի պատճառաւ տուներու մէջ փակուելու պարտաւորուած երէց սերունդի մեր ժողովուրդի անդամներուն ուղղուած եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ «Հեռախօսային օժանդակութեան աջակցութիւն» կարգախօսով արշաւ մը սկսած է։ Մօտաւորապէս 20 կամաւոր կիներ, իրենց ուղարկուած հեռախօսային տուեալներով, մեր երէց քոյր եւ երբայրներուն հետ կապ պիտի հաստատեն հեռաձայնի միջոցաւ, իրենց հետ պիտի զրուցեն ու իրենց պիտի ջանան զգացնել, թէ այս օրերուն առանձին չեն։ Առաջին հերթին 170 հեռախօսային համարով սկսած է այս ծառայութիւնը։ Անոնք, որոնք կը փափաքին օգտուիլ այս ծառայութենէն, հաճին դիմել իրենց եկեղեցիներու քարտուղարութիւններուն՝ անունով եւ հեռախօսային համարով։ Այս դժուարին պահուն, ի պահանջել հարկին, Պատրիարքական Աթոռը պատրաստ է արհեստավարժօրէն կրօնական եւ բարոյական օժանդակութիւն մատակարարել։ Եկեղեցիներու կատարուած դիմումները, նկատի պիտի առնուին Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020