Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻՆ ԱՌԹԻՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տաղաւարին առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի՝ ըստ հետեւեալ ժամանակացոյցին.

01 ԱՊՐԻԼ 2024, ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ

Համայնքային ընդունելութիւն՝ «Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան» սրահին մէջ, Գումգաբու, ժամը՝ 15.30-ին։

02 ԱՊՐԻԼ 2024, ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ

Քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու եւ համայնքային վարիչներու ընդունելութիւն՝ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, ժամը՝ 10.00-12.00-ին։

02 ԱՊՐԻԼ 2024, ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ

Քաղաքապետութեանց եւ քաղաքական գործիչներու, նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու ընդունելութիւն՝ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, ժամը՝ 13.00-16.00-ին։

03 ԱՊՐԻԼ 2024, ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ

Համայնքային ու թաղային մարմիններու, վարժարաններու տիկնանց յանձնախումբերու անդամուհիներու ընդունելութիւն՝ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, ժամը՝ 15.00-ին։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024