ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԱՒ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ շրջանաւարտ սաներու հրաժեշտի հանդիսութիւնը, որ ստեղծեց յուզումնախառն մթնոլորտ։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որու ընթացքին 2017-2018 տարեշրջանի ընթացաւարտները շրջապատուեցան ջերմօրէն։ Տատեան վարժարանը այս տարի ունի 44 շրջանաւարտ, որոնց ի պատիւ կազմակերպուած հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Պաքըրգիւղի ընտանիքի պատասխանատուները։

Հանդէսի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Ռոպին Աբրահամօղլուի եւ Դալար Տեմիրճիի։ Տղաքը հանդէս եկան զանազան ելոյթներով՝ արժանանալով ջերմ ծափողջոյններու։ Միջնակարգի պատասխանատու ուսուցչուհի Երանուհի Պալճը խօսեցաւ տղոց կողմէ արձանագրուած յաջողութիւններուն շուրջ։ Յանձնուեցան նաեւ «Սարայլը» մրցանակները։ Շրջանաւարտներուն ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսքեր արտասանեցին դասարանի ուսուցչուհիներէն Ժպտուն Զուռնաճը եւ Այլին Զեքի։ Ծնողներուն անունով խօսք առին Ռիթա Փոլատօղու եւ Ալիս Չաքըր։ Յայտագրի գործադրութեան աւարտին շնորհաւորութեան խօսք մըն ալ արտասանեց տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ։

Այս տարուան շրջանաւարտներու շարքին իրենց արձանագրած յաջողութիւններով առանձնացան՝ Լարա Քելէշ, Մելիք Տուվարճը, Առէն Քեշիշ, Ճեսիքա Քալտըեան, Առէն Սէմէրճիօղլու, Տերեւ Տեմիրճիտիր, Լարիսա Ֆընտըք եւ Լիա Կազէր։

Հանդէսին յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին շրջանաւարտները խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հատեցին իրենց ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 30, 2018