ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ՆՇԵՑԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ 150-ԱՄԵԱԿԸ

Երէկ, Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ գրական հանդէս մը, որ ձօնուած էր Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին։ Այս կարեւոր յոբելեանը Էսաեանէ ներս նշուեցաւ դպրոցի Հայերէնի ակումբի նախաձեռնութեամբ։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Երազ Իւլկէնի եւ Շանթ Շիմշէքչաքի։ Տղաքը Յովհաննէս Թումանեանի գործերէն նմոյշներ արտասանեցին։ Բացի իր բանաստեղծութիւններէն, ներկայացուեցան Թումանեանի եւ ժամանակակիցներուն՝ մանաւանդ Կոմիտաս Վարդապետի հետ փոխանակուած նամակներ։ Յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ խմբերգներ՝ երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ։

Հանդէսին ներկայ էին Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, կրթական մշակներ, աշակերտներ եւ այլ հիւրեր։

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2019