ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԽԱՉԸ ՊՈԿԱԾ ԱՆՁԸ ՈՒՂԱՐԿՈՒԵՑԱՒ ԴԱՏԱՐԱՆ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքի դրան խաչը պոկած յանցագործը երէկ ոստիկանութեան կողմէ յանձնուեցաւ դատական իշխանութիւններուն։ CNN Türk-ի հաղորդումներով՝ Մազլում Տ. (26), կասկածեալի կարգավիճակով ոստիկանութեան կողմէ երէկ ուղարկուեցաւ Իսթանպուլի Անատոլուի ափի արդարադատական ատեանը, որ կը գտնուի Գարթալի մէջ։ Անվտանգութեան մարմիններու գործողութիւնները  ամբողջութեան հասան՝ շուրջ 200 տարբեր անվտանգութեան տեսախցիկի տեսագրութիւններու ուսումնասիրութեան հիման վրայ։

Իսթանպուլի Անվտանգութեան տնօրէնութիւնը այս նիւթին կապակցութեամբ երէկ հանդէս եկաւ ամփոփ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ նշուեցաւ, որ մեղադրեալը խնդրոյ առարկայ արարքը իրականացնելէ առաջ քալած է շուրջ 20 քիլօմեթր։ Տեսագրութիւններու հետապնդումով կարելի եղած է ճշդել իր բնակարանը, ուր ալ ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած է ան։ Հարցաքննութեան ընթացքին կասկածեալը նշած է, որ նախապէս ծրագրուած բան մը չէ ըրած եւ պահ մը ջղայնանալով գործած է այդ յանցանքը։ Ոստիկանութեան հարցաքննութիւններուն ժամանակ ճշդուած է նաեւ, որ ենթական նախօրօք ալ բազմաթիւ յանցագործութիւններու միջամուխ դարձած ըլլալով ունի արձանագրութիւններ։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020