ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԴՐՍԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, ընդունեց Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արուշ Թաշի։

Այցելուները եկեղեցւոյ տարեկան հաշուետուութիւնը Նորին Ամենապատուութեան ներկայացնելու նպատակաւ փութացած էին Պատրիարքարան։ Այս առթիւ անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ եկեղեցւոյ գործունէութեանց մասին եւ յատկապէս անդրադարձան երբեմնի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի շէնքի մասին զարգացումներուն։ Պատրիարք Հայրը ողջունեց Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ վարչայիններու հաշուետուութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը լսելով փոխանցուած տեղեկութիւնները՝ մաղթեց, որ եկեղեցին տիրանայ նոր եկամուտներու, բան մը որ ողջունելի պիտի ըլլայ թէ՛ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ եւ թէ Պատրիարքական Աթոռոյ համար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յաջողութիւն մաղթեց վարչայիններուն՝ իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2020