ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ՄԱՐԱԼ ԱՅՎԱԶԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի Գնալը կղզիի ամարանոցին մէջ ընդունեց համայնքիս սիրուած երգչուհիներէն Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Այսպէս, մեներգչուհին երախտագիտական զգացումներով նախ Պատրիարք Հօր յանձնեց, անցեալ տարուան իր համերգին տեսերիզը։ Ան յայտնեց, թէ համավարակի պատճառով դանդաղած էին երաժշտական աշխատանքները, իբր այդ սոյն տեսերիզը կը յանձնէր յապաղումով։ Այցելութեան ընթացքին Մարալ Այվազ Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուաւ իր երաժշտական գործունէութեան մասին։ Ան մասնաւորաբար անդրադարձաւ իր ներկայ ծրագրին, որ ձօնուած է Պետրոս Դուրեանի ծննդեան 150-ամեակին։ Չաղլըչուպուքճուի համաձայն, նախկին պոլսահայ այժմ ամերիկաբնակ երաժիշտ Նորայր Տեմիրճի Պետրոս Դուրեանի «Տրտունջք» բանաստեղծութեան վրայ աշխատելով՝ կատարած է յօրինում մը։ Աշխատութեան աւարտին առաջարկած է երգչուհիին, որպէսզի ան մեներգէ սոյն ստեղծագործութիւնը։ Մօտաւոր ապագային կեանքի պիտի կոչուի ծրագիրը, որ պիտի ծանօթացուի տեսերիզով մը։ Սոյն ծրագրի իրականացման համար աջակցած են անհատներ եւ հաստատութիւններ։ Բաց աստի, ան հայ երգի եւ երաժշտութեան հանդէպ իր յատուկ սէրը մատնանշելով, հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարք Հօր։

Ուրբաթ, Յուլիս 30, 2021