ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ 10 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ հիւրընկալեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։

Յառաջիկայ հոկտեմբերի 10-ին նախատեսուած է Մայր եկեղեցւոյ տարեկան մատաղօրհնութիւնը՝ ի նպաստ Պէզճեան Մայր վարժարանի։ Տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ թաղային խորհուրդը եկեղեցւոյ եւ վարժարանի ընթացիկ հարցերուն շուրջ ընդհանուր արժեւորում մը ըրաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ։ Համավարակի հետեւանքով բազմապատկուած առկայ դժուարութիւններու լոյսին տակ Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, թէ Պէզճեան Մայր վարժարանը կարողանայ յաղթահարել բոլոր նեղութիւնները։ Ան դրուատեց այս բացառիկ շրջանին թաղային խորհուրդի կողմէ ցուցաբերուած ջանասիրութիւնը։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թաղականներուն փոխանցեց օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2021