ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՀԻՒՐԵՐ ՄԵՐ ՄԷՋ

Այս օրերուն քաղաքիս մէջ կը գտնուին մանկագիր Մերի Փերի (Սահակեան), բանաստեղծ Դաւիթ Մշեցի (Սուքիասեան) եւ արուեստագէտ Ժան Վարդան։ Բոլորն ալ ներկայիս հաստատուած են Հայաստան եւ հիւրաբար քաղաքս կը գտնուին եւ մասնակցեցան «Ծիրան» համերգին, որ Մխիթարեան եւ Սահակեան սանուց միութեան համատեղ նախաձեռնութիւնն է։ Հիւրերուն ընկերացան մեր համայնքէն Մարիամ Տրամէրեան եւ Արի Կիւրման։

Խմբագրատանս երդիքին տակ ջերմ զրոյց մը տեղի ունեցաւ հիւր արուեստագէտներուն հետ, որոնք բացատրութիւններ ստացան թերթիս գործունէութեան շուրջ։ Այս առթիւ Մերի Փերի մեզի նուիրեց «Հէքեաթներ» անունով իր հեղինակած գիրքը, որու արեւմտահայերէն տարբերակը հրապարակուած է մեր համայնքէն Սարգիս Քիւլէկէչի մեկենասութեամբ։  

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2019