ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՈՒՆՃԵԱՆ ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Երէկ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան ազգային հանրածանօթ բարերարներ՝ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատները։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, իսկ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցոյ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Այս տարուան յիշատակութիւնը աւելի զուսպ կարատուեցաւ, նկատի ունենալով քորոնաժահրի համավարակի սահմանափակումները։ Ներկայ եղան սակաւ թիւով հաւատացեալներ, որոնց շարքին էր Ունճեան ընտանիքի շառաւիղէն՝ Սաթի Մանկասարեան։

Ս. Սեղանին սպասարկեցին ՝ Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Մուրատ Կսրկ. Կոստանեան եւ Արի Ուր. Դպ. Էօզտէր։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին՝ Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, Ունճեան հարազատներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Աւելի վերջ, նկատի ունենալով Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի տօնակատարութիւնը, բարեխօսական աղօթքներ վերառաքուեցան առ բարձրեալն Աստուած, վասն անսասանութեան Հայ Եկեղեցւոյ, վասն հաստատութեան Մայր Աթոռոյ եւ վասն խաղաղութեան ամենայն աշխարհի։

Վերջին օրհնութենէն առաջ հայր սուրբը քարոզեց եւ ծանրացաւ Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի առաքելութեան վրայ։ Ան շեշտեց, թէ ցաւին ու տխրութեան բուքին մէջէն անցած առաքեալները՝ հաւատարիմ մնալով Քրիստոսի պատուիրանին, հասած էին մինչեւ հայ ժողովուրդին ու քարոզած՝ քրիստոնէութիւնը։ Պօղոս առաքեալի խօսքով աշխարհը մեռած էր իրենց համար, ինչպէս որ անոնք ալ մեռած էին աշխարհին համար (ըստ Գղտ. 6.14)։ Յատկապէս նեղութեամբ լեցուն այս օրերուն, երբ մարդիկ կը պրկուին մահուան եւ հիւանդութեան լուրերով, անոնք մխիթարութեան հոգին կրնան հրաւիրել իրենց կեանքերէն ներս՝ հետեւելով Առաջին Լուսաւորիչ առաքեալներուն կեանքի օրինակին։ Հայր սուրբը շեշտեց, թէ առաքեալները բերած էին Քրիստոսը մեր հաւաքական կեանքին եւ իրենց յիշատակութիւնը առիթ պիտի դառնար, որ հաւատացեալներ առաւել եւս մտորէին առաքեալներու բերած Ս. Աւետարանի ճշմարտութեան եւ այդ աւետիսով դրականօրէն փոխուած կեանքերու մասին։ Հայր սուրբը նաեւ յիշեց Ունճեան հարազատները, որոնք առաքելական ծառայութեան համայնքի մէջ զարգանալուն համար, անցեալին զօրավիգ կանգնած էին եկեղեցիներու, վարժարաններու եւ Արմաշու դպրեվանքին։ Այս տարի համավարակի պատճառաւ յիշատակութիւնը սահմանափակ կը մնար, սակայն Ս. Պատարագով եւ հոգեհանգստեան պաշտօնով Ս. Թագաւոր եկեղեցին իր պարտականութիւնը կը կատարէր հանգուցեալներու յիշատակին դիմաց ու իրենց համար կ՚աղօթէր Տիրոջ Ս. Սեղանին առջեւ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2020