ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԵՒ ՑԱՒԱԼԻ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս երէկ ռումբի ազդեցութիւն գործեց՝ Իսթանպուլի 12-րդ քաղաքացիական առաջին ատեանին կողմէ արձակուած դատավճիռը, որով Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վերջին ընտրութեան դէմ կատարուած դիմումը մասամբ կը բաւարարուի։ Թէեւ հիմնաւորեալ դատավճիռը աւելի ուշ պիտի հրապարակուի եւ վերաքննիչ դատարան՝ դիմումի ճանապարհն ալ բաց է, սակայն, համայնքային շրջանակները շուարումի մատնուեցան՝ ընտրութիւններէն ամիսներ անց արձակուած այս վճռին զարմանալի ու ցաւալի բնոյթին բերումով։

Հարկ է նշել, որ 12 մարտ 2023-ին կատարուած ընտրութենէն վերջ մինչեւ ատենապետ Աքսել Թոփալեանի գլխաւորած նորընտիր կազմին վաւերացումը անցած ժամանակաշրջանին՝ նախկին թաղային խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չեքեմ դատ բացած է, որպէսզի ընտրութիւնը ջնջուի։ Այս դատը բացուած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան դէմ, որ վաւերացուցած է ընտրութեան արդիւնքը եւ մանաւանդ՝ նախաձեռնարկ մարմինը լիազօրած է ընտրութիւն կատարելու համար։ Վիճարկուած է, որ նորընտիր խորհուրդը կը բաղկանայ 11 լիիրաւ եւ 6 պահեստի անդամէ. բան մը, որու այլընտրանքները կան կանոնադրութեան մէջ, սակայն նախընտրութեան համար լիազօրուած մարմին մը չէ նշուած կանոնադրութեան մէջ։

Այժմ, համայնքային շրջանակները անհանգստացած են, որ այժմու թաղային խորհուրդին ի նպաստ արտայայտուած ժողովրդական կամքը կը վիճարկուի ընդվզեցուցիչ միջամտութիւններով։ Այս գործընթացի իրադարձութիւններու շարունակութեան կը սպասուի հետաքրքրութեամբ բոլորին կողմէ անխտիր։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2023