ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՍՈՒՐԲ ԹԱԳԱՒՈՐ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Կը տեղեկանանք, որ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբը կը պատրաստուի մեկնիլ Երուսաղէմ։ Յառաջիկայ ամսուան կէսին տեղի պիտի ունենայ այս այցելութիւնը։ Երգչախումբն ու Գատըգիւղի ընտանիքէն ուխտաւորներ պիտի մեկնին Սուրբ Քաղաք։ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան պիտի գլխաւորեն խումբը։

Ծանօթ է, որ Երուսաղէմի մէջ Հայ Եկեղեցին Սուրբ Ծնունդը կը տօնախմբէ՝ ըստ Հին տոմարի եւ Ս. Թագաւոր երգչախումբը պիտի կատարէ այս տարուան երգեցողութիւնները։

Խումբը կը հիւրընկալուի նաեւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի կողմէ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2017