Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲԵՂԱՅ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆԻ ՄԱՏՈՒՑԱԾ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ՎԱՌ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՌԻԹ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ

Պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ ուրախառիթ էին Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկ առաւօտ տեղի ունեցած արարողութիւնները։ Այսպէս, հաւատացեալ ժողովուրդը ողջունեց Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի կողմէ անդրանիկ Ս. Պատարագի մատուցուիլը, ինչ որ հոգեւոր վառ ապրումներու առիթ հանդիսացաւ։ Ս. Պատարագին նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզին մէջ շինիչ յորդորներ տուաւ նորաօծ հայր սուրբին եւ անոր յաջողութիւն մաղթեց աստուածահաճոյ ծառայութեան մէջ։

Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի անդրանիկ Ս. Պատարագին ժամանակ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։

Հոգեպարար արարողութիւններէն վերջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան նորաօծ հայր սուրբի բարեյիշատակ հայրը՝ Սարգիս Սերովբեան, որպէս հոգեւորական՝ իր կազմաւորման նպաստած զանազան հոգեւորականներ եւ աշխարհականներ՝ ներառեալ, հոգելոյս երէցկին Աննիկ Գալփաքճեան։

Արարողութեան մասնակիցները ջերմօրէն շրջապատեցին նաեւ տիրամայր Մանիշակ Սերովբեանը, որ երէկ երջանկութիւնը ունեցաւ նորաօծ հայր սուրբին ձեռամբ Ս. Հաղորդութիւն ստանալու։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2020