«ՓՈՔՐԻԿ»Ի ԵՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

«Փոքրիկ» հէքեաթներու մանկական կայքէջը երէկ երեկոյեան նշեց իր հաստատման երրորդ տարեդարձը։ 2014 թուականին Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ու մանաւանդ անոր ատենապետին՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլի քաջալերումով հաստատուեցաւ «Փորքիկ»ը, որու երրորդ տարեդարձին առթիւ երէկ երեկոյեան մասնաւոր հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ Ճիհանկիրի «Ճաշ» ճաշարանին մէջ։ Այս առթիւ պատասխանատուները տեղեկացուցին, որ ներկայ տարիէն սկսեալ այս կայքէջը պիտի վայելէ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի աջակցութիւնը։ Արդարեւ, կայքէջը դասուած է արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ զարգացման սատարելու հետամուտ նախաձեռնութիւններու շարքին։

Տարեդարձի երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին յայտագիրը գործադրուեցաւ Գարօլին Մամիկոնեանի հանդիսավարութեամբ։ Ան ընդգծեց Տիգրան Կիւլմէզկիլի անփոխարինելի նպաստը եւ յոյս յայտնեց, թէ «Փոքրիկ» կայքէջը շուտով աւելի լայն ճանաչումի կ՚արժանանայ հայաշխարհէն ներս։ Սրտի խօսքեր արտասանեցին զանազան դէմքեր, որոնք իրենց նպաստը կը բերեն այս կայքէջին։ Ելոյթներու տեւողութեան ընդգծուեցան նաեւ ջանքերը Աննա Թուրայի եւ Սելմա Մելեքեանի, որոնք եւս այս գործի ջահակիրներու շարքին են։

Պարքովիզիոնի ցուցադրութիւնով մը բաժիններ ներկայացուեցան «Փոքրիկ»ի հէքեաթներէն։ Հրաւիրեալներու շարքին էին նաեւ խումբ մը արուեստագէտներ, մանաւանդ դերասաններ՝ որոնք հէքեաթներու ձայնաւորման գործին կը բերեն սիրայօժար մասնակցութիւն։ Տարեդարձի առթիւ հատուեցաւ կարկանդակ մը՝ ծափահարութիւններու եւ յարատեւութեան մաղթանքներու ներքեւ։ Աննա Թուրայ եւ Սելմա Մելեքեան յուշանուէր մը յանձնեցին Տիգրան Կիւլմէզկիլին, որ եւս իր կարգին արտասանեց սրտի խօսք մը։ Կիւլմէզկիլ այս ուրախ փուլին շրջապատուած էր իր գլխաւորած խնամակալութենէն գործակից ընկերներուն կողմէ։

Ձեռնարկի տեւողութեան երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան՝ Լառա Նարին, Արի Հերկել եւ Ռուբէն Մելքիսեթօղլու։

Տարեդարձի հաւաքոյթի ընթացքին «Փոքրիկ»ի պատասխանատուները տեղեկացուցին, որ ներկայիս կայքէջի այցելուներուն թիւը հասած է 2 հազարի մակարդակին։ Կայքէջի պատրաստութեան նպաստած կամաւորներու թիւն ալ գերազանցած է հարիւրի սահմանը։ Անոնց շարքին կը գտնուին կրթական մշակներ, հրատարակիչներ, գրողներ, գծողներ, երգահաններ, երաժիշտներ, որոնց բոլորին հասարակաց նպատակն է յաչս մանուկներուն բարձրացնել «Փոքրիկ»ի ձգողականութիւնը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 31, 2017