ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՃԵԼԻ ՊՏՈՅՏ

Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի վերջին դասարանի աշակերտները վերջերս այցելեցին Իյնէատա։ Դպրոցի տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած պտոյտի ընթացքին աշակերտները վերահսկուեցան ուսուցիչներու կողմէ։ Տղաքը կեցութեան ընթացքին վայելեցին կղզիի բնութիւնը ու ծանօթացան պատմամշակութային վայրերուն։ Խումբը վառ տպաւորութիւններով վերադարձաւ Իսթանպուլ։

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018