ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան վարչութիւնը վերջին շրջանին կը կազմակերպէ թաղեցի կանանց ուղղեալ զանազան ձեռնարկներ։ Վերջին տարիներուն այս ամբողջին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէ թաղեցի տիկիններուն համար նախատեսուած հայախօսութեան ծրագիրը, որ յառաջ կը տարուի բազմավաստակ ուսուցչուհի Եւգինէ Ինճիտիւզէնի կողմէ։ Իսկ Մինէ Աթաֆըրաթի մականին ներքեւ կազմակերպուեցաւ անգլերէն խօսելավարժութեան դասեր։ Լեզուական այս ծրագրերու կողքին, Լինտա Քումտակէզէրի մականին ներքեւ տեղի ունեցաւ՝ յախճապակիի մշակման եւ կերպաս նաշխելու աշխատանոց մը։

Այս բոլոր ծրագրերու մասնակցիներուն վերջերս միութեան երդիքին տակ կազմակերպեցին ցուցահանդէս մը, որ կոչուեցաւ «Միասնաբար»։ Այս ցուցահանդէսի բացման ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Եւգինէ Ինճիտիւզէն։ Յանուն միութեան վարչութեան շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց Սեւան Աթաօղլու։ Այցելուները հետաքըրք-րական շրջայց մը կատարեցին ցուցահանդէսի տաղաւարներով եւ արձանագրեցին նաեւ իրենց տպաւորութիւնները։

Հարկ է նշել, որ այս ցուցահանդէսը յառաջիկայ օրերուն պիտի կրկնուի Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ յարակից «Պալըքճեան» սրահին մէջ։

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018