ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊՏՈՅՏԸ

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ մեր կրթական մշակներու տարեկան աւանդական պտոյտը։ Ինչպէս ծանօթ է, Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութիւնը երկար տարիներէ ի վեր հետեւողականօրէն հանդէս կու գայ նման նախաձեռնութիւնով մը, որու շնորհիւ մեր կրթական մշակները ամառնամուտի շրջանին առիթ կ՚ունենան թէ՛ քիչ յոգնութիւն թօթափելու եւ թէ վայելելու իրարու անմիջականութիւնը։ Այս տարուան պտոյտը բացառիկ էր այն իմաստով, որ շուրջ 175 կրթական մշակներ մասնակցեցան աւանդական պտոյտին։ Երէկ, Համբարձման տօնն էր, մեր վարժարանները փակ էին, ուստի պտոյտը համընկնեցաւ ոչ-աշխատանքային օրուան։ Այս հանգամանքը խթան հանդիսացաւ, որպէսզի հանգստեան կոչուած կրթական մշակներու առընթեր գործող մեր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներն ալ մասնակցութիւն բերեն աւանդական պտոյտին։

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն քաղաքիս հայահոծ զանազան կէտերէն յատկապէս տրամադրուած փոխադրամիջոցները ուղղուեցան դէպի Նաքքաշթեփէ, ուր Ուսուցչաց միութեան տարեկան պտոյտի մասնակիցները համախմբուեցան Bridge ճաշարանի համալիրէն ներս։ Վոսփորի գեղատեսիլ միջավայրին մէջ, բարենպաստ եղանակէն ալ օգտուելով, պոլսահայ կրթական մշակները ապրեցան անմոռանալի օր մը։ Իրարու հետ ըլլալու, իրարու անմիջականութիւնը բաժնելու այս առիթը իսկապէս եզակի կը համարուէր մեր կրթական մշակներուն տեսակէտէ։ Թէեւ անոնք միշտ աշխատանքային առիթներով սերտ կապի մէջ են իրարու հետ, սակայն նման զբօսանքի պահ մը ունենալն ալ, անշուշտ, անոնց լիուլի իրաւունքն էր։ Շնորհիւ Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան անթերի կազմակերպութեան, մեր կրթական մշակները այդ հնարաւորութենէն օգտուեցան լիուլի։ Միութեան վարչայինները շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին պտոյտի մասնակից կրթական մշակները, որոնք օրուան տեւողութեան ունեցան հաճելի ժամանց։

Հաւաքոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ Ուսուցչաց միութեան վարչութեան ատենապետ Կարապետ Մխալեան։ Ան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ մեր կրթական մշակներուն կողմէ ծաւալուած գործունէութեան, ցուցաբերուած յանձնառութեան եւ դրսեւորուած զոհողութիւններուն կապակցութեամբ։

Երէկուան պտոյտը կազմակերպած Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան մաս կը կազմեն՝ Կարապետ Մխալեան (ատենապետ), Եւգինէ Ինճիտիւզէն, Գարեգին Պարսամեան, Յովհաննէս Ճինօղլու եւ Իւղաբեր Պոյաճեան։  

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2019