ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երեւանի «Վան» դհոլահարներու համոյթի եւ Վանաձորի «Հորովել» մանկապատանեկան պարերու համոյթի անդամները՝  գլխաւորութեամբ իրենց ընդհանուր ղեկավար Արսէն Աւետիսեանի եւ գեղարուեստական ղեկավար Ալպերթ Օրտինեանի, երէկ այցելեցին Պատրիարքարան, ուր յանուն Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ընդունուեցան լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ։

Հիւրերը յայտնեցին, թէ կ՚անցնէին Իսթանպուլէն եւ այս միջոցին փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան։ Անոնք յայտնեցին, թէ կը վերադառնային Պուլկարիայէն դէպի Հայաստան։ Անոնք Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ մասնակցելով Պալքանֆեսթի, ստացած էին առաջնութեան մրցանակներ։

Պատանիներն ու ղեկավարները յայտնեցին, թէ ուրախ էին, որ կը գտնուէին համայնքի հոգեւոր կեդրոնին մէջ, ուր նախապէս ալ այցելած էին։

Հայր սուրբը համայնքի եւ Պատրիարքական Աթոռոյ պատմութեան մասին զանազան բացատրութիւններ փոխանցեց ու պատասխանեց ուղղուած հարցումներուն։ Հայր սուրբը շնորհաւորեց իրենց յաջողութիւնն ու շեշտեց նաեւ, թէ մշակոյթն էր, որ կենդանի կը պահէր աշխարհացրիւ հայութիւնը եւ հայ մշակոյթի ծառայութիւնը գերադաս արժէքն էր հայ անունին։ Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին սոյն ընդունելութեան համար։

Հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ փոխանցեց իր օրհնութիւնները ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց առաքելութեան մէջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 31, 2018