ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Նոր տարուայ սեմին հասանք։ Մէկ տարի եւս աւելցաւ անցնող հազարամեակներու վրայ: 2020-ը եղաւ մարդկային պատմութեան խստաշունչ ձմեռներէն մէկը, դոհ ու բոհ պատճառելով բոլոր սիրտերուն: Մենք որ չենք սիրեր ժամանակի արագընթաց վազքը եւ միշտ կը դժգոհինք տարիներու զարմանալի հապճեպէն անհետանալու ետեւ ետեւէ, այս անգամ միասիրտ աղօթեցինք, որ 2020-ը անհետ կորնչի մեր կեանքէն՝ իր հետ տանելով հրէշային համաճարակը եւ անոր դժխեմ հետեւանքները: Արցախի ողբերգութեան տարին է 2020-ը, որ պիտի արձանագրուի Հայոց Պատմութեան էջերուն գորշագոյն գիրերով:

Բայց չենք կրնար վիճարկել տարիներուն հետ։ Անոնք որեւէ խոստում չունին մեզի մի՛շտ բարին ու հաճելին մատուցանելու, ինչպէս ծովը միշտ հանդարտ ջուրեր չի խոստանար դիմացը անցնիլ ուզողներուն: Ամէն անհատ ու ազգ իր ապրելու վարպետութեամբ կուրծք տալու է ժամանակներու մարտահրաւէրներուն:

Եւ նաեւ իրազեկ դառնալու ենք: 2021-ը եւս ամէնուս գոհ ձգելիք լիակատար տարի մը շնորհելու խոստում չունի մեզի, ալյ միայն մէկական օրերէն բաղկացեալ 365 հատ կարելիութիւններ:

«Զհաց մեր հանապազորդ տու՛ր մեզ այսօր»:

365 թիւը մէկ տարիի վերաբերեալ մեր վերացական մտայղացումն է երբեք չերաշխաւորուած: Ստիպուած ենք միայն ա՛յս օրը ապրելու եւ անոր մէջ պարուրելու անցեալի հաշուեյարդարը եւ ապագայի իղձերը բոլոր:

Այս նոր տարիին նաեւ պիտի ջանանք իրագործել մեր մարդկութիւնը իր բոլոր երեսակներով: Յոյս ունինք եւ յոյսը չ՚ամչցներ երբեք: Արդէն մեր լաւատես հայեացքով 2021-ի հորիզոնը շատոնց ներկեցինք վարդագոյն տեսիլքներով եւ երկինքի օրհնաբեր կապոյտով:

Պահը կը հրաւիրէ մեզ ակամայ աւելի խորը մտածելու մեր կեանքի մասին եւ վերագտնելու մեր ապրելու իմաստը։ Ամէն նոր տարի նմանութիւնը ունի  անհատներու ծննդեան տարեդարձին: Ծննդեան տարեդարձը անհատական՝ իսկ Նոր տարին ամէնունն է: Բացուող ամէն նոր տարի սկզբնաւորութիւն մըն է, կեանքի մէջ նոր ակօսներ բանալու եւ կեանքի կրկին սկսելու:

Նոր տարին առիթ մըն է փորձելու, քննելու եւ հաշուեյարդարի դնելու մեր անցեալը՝ ներկային համար, ե՛ւ բաղձալի ապագային: Ժամանակն է ցուցադրելու այն բոլորը, որոնք նախորդ տարիներուն մենք չենք կրցած կատարել: Մաքրել պէտք է փոշիի տակ մնացած մեր երազները եւ լուսաւորել՝ մեր իտէալները: Ժամանակն է շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ եւ մարդոց, որոնք մեր հոգիին ու սրտին մէջ իրենց մաքուր ձեռքերով սերմեր ցանեցին եւ հարստացուցին  մեր կեանքը:

Որպէսզի Նոր տարին դառնայ իսկապէս «նոր», պէտք է  մէկ կողմ դրուին ատելութիւնը, քինախնդրութիւնը, դժկամութիւնը եւ գիտակցիլ, թէ ժամանակն է ներելու եւ մոռնալու թէ՛ մեր անցեալի վրիպումները եւ թէ ուրիշներու բացթողումները մեր անձի նկատմամբ, ունենալով վեհանձն հոգի մը՝ միշտ պատրաստ սրբագրելու հի՛նը եւ հիմնադրելու նո՛րը՝ թարմ երազանքով:

Եթէ այս շնորհալի կեցուածքը կրնանք ցուցաբերել այս նոր տարուան ընթացքին, այդ ժամանակ է, որ մաքուր խղճով, մարդավայել զգացումով եւ անկեղծութեամբ կրնանք ըսել.

Շնորհաւոր Նոր տարի:

Ձեր բոլորին երջանկութիւն եւ առողջութիւն երկնառաք լիակատար օրհնութեամբ:

Աղօթարար՝

ՍԱՀԱԿ Բ.
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020