ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻՆ ԿՈՂՄԷ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ՝ ԼԱՏԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԻԶՄԻՐԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Իզմիրի նորանշանակ առաջնորդ Հայր Մարթին Քըմեթեքի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ պաշտօնի կոչման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, փետրուարի 2-ին, ժամը 17.30-ին, քաղաքի Սանթա Մարիա լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ։ Սոյն արարողութեան յանուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Պատրիարքական Աթոռի, մասնակցեցաւ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Միջեկեղեցական բաժանմունքի տեսուչ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան եւ Նորա Շէնեան։ Անոնք դէպի Իզմիր ճամբայ ելան երկուշաբթի, փետրուարի 1-ին։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Իզմիրի յունաց Պարթոլոմէոս Սամարաս մետրապոլիտը, Հայ կաթողիկէ եկեղեցիէն Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական դէմքեր։

Յընթացս Ս. Պատարագի, Պապական նուիրակ Մոնս. Փոլ Ռասսըլ եպիսկոպոսի, Իզմիրի Լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ երբեմնի առաջնորդ Մոնս. Լորենզօ Փիրեթթօ եպիսկոպոսի եւ Քաղդէացի կաթոլիկ համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Ռամզի Կարմօ եպիսկոպոսի ձեռամբ Հայր Մարթին Քըմեթեքի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ եւ Իզմիրի նոր առաջնորդը ստացաւ եպիսկոպոսական թագ, մատանի եւ գաւազան։

Արարողութեան ընթացքին ներկայ հոգեւորականներ հանդէս եկան բարեմաղթական խօսքերով։ Այս առիթով, Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան ընթերցեց մեր Հոգեւոր Պետին կողմէ ուղարկուած շնորհաւորական պատգամը եւ յանուն Նորին Ամենապատուութեան բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Մոնս. Մարթին Քըմեթեքին։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր խօսքին մէջ նշած էր, թէ Ս. Ծննդեան յաջորդող օրերուն նման արարողութեան մը կատարումը կրկնակի ուրախութիւն կ՚առթէր։ Միջեկեղեցական աղօթքի շաբաթներուն գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած էր քոյր եկեղեցեաց համախմբուիլը, սակայն այս տարուան քորոնա համավարակին պատճառաւ այս մէկը չէր իրականացած։ Այնուամենայնիւ, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ պաշտօնի կոչման արարողութիւնը առիթ կը դառնար, որ միջեկեղեցական միասնական ոգիով քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ համախմբուին Իզմիրի Լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ եւ ուրախակից դառնան անոր համայնքին։

Պատրիարքական Աթոռի պատուիւրակութիւնը երէկ վերադարձաւ քաղաքս։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2021