ԲԻՒՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մինաս Մեծատուր վերջին օրերուն անձնական առիթով մը այցելեց Մոսկուա։ Առիթէն օգտուելով ան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեանին։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին նորին սրբազնութիւնը իր օրհնութիւնը տուաւ Մինաս Մեծատուրին եւ գնահատեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս անոր տարած աշխատանքը։

Մինաս Մեծատուր Մոսկուայի Առաջնորդարանի համալիրէն ներս, Սուրբ Պայծառակերպութիւն առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ կատարեց նաեւ իր ուխտի աղօթքը։

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2023