ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի հոգեզմայլ արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Նշան Սրկ. Չալկըճեանի գլխաւորութեամբ։ Արարողութեան ընթացքին նորին սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։

Արեւագալի արարողութենէն վերջ յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չեքէմ եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը, հայր սուրբը եւ ներկայ հաւատացեալները։ Պահքի սեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ անմիջական զրոյցի մթնոլորտ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2020