ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ

Սամաթիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ խանդավառ ձեռնարկ մը։ Թաղի Սահակեան-Նունեան լիսէի աշակերտները հանդէս եկան թատերական ներկայացումով մը, որու բեմադրիչն էր Եղիա Աքկիւն։ Տղաքը ներկայացուցին Ատրինէ Տատրեանի «Ամէն մարդ իր շահը ունի» գործը։ Լիսէական աշակերտներու կողմէ հայերէնով թատերական ներկայացման կազմակերպումը արժանացաւ բարձր գնահատանքի։

Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան, որ հանդէս եկաւ գնահատանքի խօսքով մը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան, Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, Սամաթիոյ ընտանիքէն վարիչներ եւ այլ հիւրեր։

Եզրափակիչ փուլին սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց տնօրէնուհի Տիանա Եըլանճըօղլու, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած էին այս ծրագրին մէջ։

Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ստեղծուեցաւ անմիջական մթնոլորտ եւ դերասան երիտասարդները համակրանքով շրջապատուեցան բոլորին կողմէ։

Շաբաթ, Մայիս 4, 2024