ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մեծ ոգեւորութիւն ապրուեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր վիրապէ ելքի տօնակատարութիւնները առիթ հանդիսացան՝ որպէսզի զանազան թաղերէ հաւատացեալներ համախմբուին Գուզկունճուքի մէջ։ Շաբաթ օրուան արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան եւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։

Իսկ երէկ Գուզկունճուքի արարողութիւններուն նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։

Արարողութիւններուն մասնակցեցաւ նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան, որ վերստին թեկնածու առաջադրուած է յառաջիկայ ընտրութիւններուն։ Իրեն ընկերացան ԱՔ կուսակցութեան Սկիւտարի մասնաճիւղէն ներկայացուցիչներ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Տարեկան անուան տօնախմբութիւնը առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի թաղային խորհուրդը անհրաժեշտ լուսաբանութիւնները տայ իր գործունէութեան շուրջ։ Ներկաներն ալ իրենց զօրակցութիւնն ու գնահատանքը յայտնեցին թաղային խորհուրդին նկատմամբ։

Երկուշաբթի, Յունիս 4, 2018