ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի չոր­րորդ դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րուն շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէ­սը նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ թա­ղի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Իլգ­գան» սրա­հին մէջ։ Տղա­քը ներ­կա­յա­ցու­ցին ճոխ յայ­տա­գիր մը ար­ժա­նա­նա­լով ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։ Շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին դա­սա­րա­նի ու­սուց­չու­հի Է­լիզ Շարք­լը եւ տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեան։ Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ա­ւար­տին հա­տուե­ցաւ տղոց հա­մար պատ­րաս­տուած կար­կան­դա­կը։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 4, 2018