Հինգշաբթի 26, Յունիս 2025
ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
Մխիթարեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ միջլիսէական մարզական փառատօն մը։ Եռօրեայ ծրագրին համայնքային հինգ լիսէներուն առընթեր մասնակցեցաւ նաեւ Զափիոն յունաց լիսէն։ Մրցաշարքը աղջիկներու համար վոլէյպոլի, իսկ մանչերու համար պասքեթպոլի ճիւղերուն մէջ էր։ Երկու պարագային ալ առաջին հորիզոնականը զբաղեցուցին Կեդրոնականի խումբերը։ Վոլէյպոլի մէջ յաջորդեցին Սահակեանն ու Մխիթարեանը, իսկ պասքեթպոլի մէջ առաջին եռեակին մաս կազմեցին Մխիթարեանն ու Էսաեանը։ Մրցաշարքը եզրափակուեցաւ պարգեւատրման արարողութիւնով։
Շաբաթ, Յունիս 4, 2022
Թրքահայ կեանք
- 06/26/2025
- 06/26/2025
- 06/26/2025
- 06/26/2025