ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ

Այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային տօնն է։ ԱՄՆ-ի անկախութեան 243-րդ տարեդարձին առթիւ երէկ պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ քաղաքիս մէջ։ Մեճիտիյէգիւղի «Ֆէյրմոնտ» պանդոկի ընդարձակ սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ այս պաշտօնական ընդունելութիւնը, որու տանտիրուհին էր Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աւագ հիւպատոս Տարիա Տերնըլ։ Այս ընդունելութեան մասնակցեցաւ նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին, Կրօնական ժողովին ու մեր համայնքին նորին սրբազնութիւնը շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ յղեց աւագ հիւպատոսին՝ ԱՄՆ-ի Ազգային տօնին առթիւ։ Իր կարգին, ամերիկացի դիւանագէտն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդհանուր փոխանորդի ներկայութեան համար ու փոխադարձեց բարեմաղթութիւններուն։

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2019