ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ՔԱՐԱՕՔԷԻ ՁԵՌՆԱՐԿ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ նախընթաց երեկոյեան կղզեբնակ պատանիներու համար կազմակերպուեցաւ քարաոքէի երեկոյթ մը։ Ինչպէս ծանօթ է, քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով այս տարի Կազդուրման կայանի դռները փակ են եւ խնամատար մարմինը այս ստիպողութեան պայմաններուն ներքեւ զանազան ձեռնարկներ կը կազմակերպէ կղզեբնակ մանուկներու կամ պատանիներու համար։ Այս վերջին քարաոքէի ձեռնարկը նախատեսուած էր մինչեւ 14 տարեկաններու համար։ Գլխաւոր կազմակերպիչներն էին՝ Երազ Չաղլայեան եւ Շանթ Էսմէր։ Մասնակիցներու կատարումներէն վերջ յայտարարուեցան դափնեկիրները։ Այսպէս, Արեգ Քազանճեան հանդիսացաւ առաջին, Ալմիրա Քիւչիւքեըլտըրըմ՝ երկրորդ եւ Ռինա Չոլաք՝ երրորդ։ Դատակազմը մանսիոնի արժանի նկատեց այն խումբը, որու մասնակիցներն էին Մարուէլ Տուման, Լորա Պերքսան, Լարիսա Տուման եւ Միլա Քոշ։

Ձեռնարկի աւարտին Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք եւ տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու նուէրներ յանձնեցին դափնեկիրներուն։

Միւս կողմէ, յառաջիկայ օրերուն Կազդուրման կայանի մէջ նախատեսուած է «Փոքրիկ» կայքէջի պատասխանատուներուն կողմէ կազմակերպուած հեքիաթատօն մը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020