ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՎՐԱՅ «ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ»

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, վերջին օրերու արձակուրդի առիթը օգտագործուեցաւ՝ կազմակերպելու համար քայլարշաւ մը։ Ակումբի երիտասարդաց յանձնախումբին ջանքերով կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը՝ Գնալը կղզիի վրայ «Բնութեան մէջ քայլարշաւ» կարգախօսով։ Կղզիի թաղապետ Էրտալ Այտընի կողմէ ճշդուած ուղղութեան վրայ տեղի ունեցաւ քայլարշաւը, որու մասնակիցները ըրին նաեւ Գնալըի բնական գեղեցկութիւններուն գիւտը։ Արդարեւ, քայլարշաւի համար այնպիսի ուղղութիւն մը ճշդուած էր, որ մասնակիցները անցան՝ սովորաբար բաւական ամայի վայրերէ։ Նաւամատոյցի հրապարակէն սկսաւ քայլարշաւը, որու ուղղութեան վրայ էր Գնալըի ամենաբարձր կէտը՝ յունաց վանքն ու յարակից լուսաղբիւրը։ Մասնակիցները այցելեցին նաեւ այդ սրբավայրերը եւ բնութեան ծոցին մէջ շատ հաճելի ժամանց ունենալէ վերջ վերադարձան նաւամատոյցի հրապարակը, ուր աւարտին հասաւ քայլարշաւը։

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր ընկերները, նաեւ երիտասարդաց յանձնախումբի անդամները վերջաւորութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին թաղապետ Էրտալ Այտընին։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020