ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Նորին սրբազնութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետ Աբիկ Հայրապետեանի մահուան առթիւ։ Թաղականները տեղեկութիւններ փոխանցեցին զոյգ եկեղեցիներու, Էսաեան վարժարանի կացութեան շուրջ։ Անոնք բացատրութիւններ տուին նաեւ իրենց վստահութեան յանձնուած համայնքապատկան կալուածներու վիճակին կապակցութեամբ։ Սիմոն Չեքէմ եւ ընկերակիցները ներկայացուցին արձանագրուած զարգացումները։

Նորին սրբազնութիւնը փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ յաջողութեան մաղթանքը։  

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019