ՀԱՅՃԱՐ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան (ՀԱՅՃԱՐ) ներկայացուցիչները՝ Գէորգ Էօզգարակէօզն ու Հրաչ Անուշաւան Գըրմըզըեանը։

ՀԱՅՃԱՐ-ի ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ տուին իրենց աշխատութեանց եւ նոր ծրագիրներու մասին։ Անոնք եկած էին յայտնի ճարտարապետներ Պալեաններու դամբարանի մօտ կատարելի աւանդական յիշատակութեան առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյ օրհնութիւնը ստանալու։ Այս առթիւ անոնք հրաւիրեցին տեղապահ սրբազան հայրը, որպէսզի նախագահէ Սկիւտարի Ս. Խաչ գերեզմանատան մէջ կատարելի հոգեհանգստեան արարողութեան եւ աւանդական յիշատակութեան։

Նորին սրբազնութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց տրուած քաղաքավարական այցելութեան եւ փոխանցուած տեղեկութեանց համար։ Գնահատեց նաեւ ՀԱՅՃԱՐ-ի յօգուտ համայնքային հաստատութեանց տարած աշխատանքները։ Հաստատեց, թէ ինք անձամբ ներկայ պիտի գտնուի շաբաթ օր կատարելի յիշատակութեան։ Նորին սրբազնութիւնը կարողութիւն մաղթեց վարչութեան անդամներուն իրենց գործունէութեանց մէջ։

Պալեան ընտանիքի հանգուցեալ անդամները, 5 հոկտեմբեր, շաբաթ առաւօտ, ժամը 11.30-ին, Սկիւտարի Ս. Խաչ գերեզմանատան մէջ պիտի յիշատակուին։

Հարկ է նշել նաեւ, թէ շաբաթ, ժամը 16.00-ին, Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ, պատրիարքական տեղապահ սրբազան հօր նախագահութեամբ պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի նաեւ անմահ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի կիսանդրիին, որ պատրաստուած է Էրօլ Սարաֆեանի կողմէ։

 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2019