ԱՆՄԱՀ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ

Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մշակութային ձեռնարկներու ծիրէն ներս, երէկ երեկոյեան, յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ Այսպէս, իր մահուան 10-ամեակին առթիւ ոգեկոչուեցաւ մեծանուն ու անմոռանալի բանաստեղծ Զահրատ։ Իր մահուան 10-ամեակին առթիւ կազմակերպուած գրական հաւաքոյթը համախմբեց հոծ թիւով գրասէրներ։ Երեկոյթի ընթացքին Զահրատ վերյիշուեցաւ՝ որպէս 20-րդ դարու մեծագոյն բանաստեղծներէն մին։

Ոգեկոչման այս ձեռնարկին ներկայ էին Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Սարըեէրի քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենճ, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու եւ բազմաթիւ գրասէրներ։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր բանաստեղծի այրին՝ Անայիս Եալտըզճեան։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ Գարօլին Մամիկոնեանի հանդիսավարութեամբ։ Զահրատի կեանքին ու գործունէութեան մասին արտայայտուեցան՝ Յովհաննէս Շաշքալ, Եալչըն Արմաղան եւ Հերմինէ Նաւասարդեան։ Նախատեսուած էր նաեւ Սեւան Տէյիրմենճեանի ելոյթը, սակայն քանի որ ան ակամայ կը բացակայէր՝ խօսքը ընթերցուեցաւ Թամար Մանկասարի կողմէ։ Զահրատի գործերէն նմոյշներ ներկայացուցին՝ Սիլվա Կոմիկեան եւ Պօղոս Չալկըճըօղլու։

Երեկոյթը ունէր նաեւ երաժշտական բաժին մը, որու ժամանակ հանդէս եկաւ Լուսաւորիչ երգչախումբը՝ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ եւ Ճուլիա Դաւիթի դաշնակի ընկերակցութեամբ։ Նոյն ծիրին մէջ մեներգեց Գարին Պոզքուրթ, որուն նուագակցեցաւ Աննա Ուղուրլեան։

Յայտագիրը աւարտին հասաւ Զէքիեան Գերապայծառի խօսքով։ Այս փուլին Զէքիեան Գերապայծառին եւ Անայիս Եալտըզճեանին յուշանուէրներ յանձնեց բանաստեղծուհի Հերմինէ Նաւասարդեան, որ Երեւանէն մասնակցութիւն բերաւ երեկոյթին։

Ձեռնարկի բոլոր մասնակիցները ջերմ տպաւորութիւններով հրաժեշտ առին դահլիճէն՝ հերթական անգամ Զահրատի ժառանգութեան հաղորդ դարձած ըլլալու զգացումով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2017