ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐԴՐՈՒՄ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկ հերթական անգամ ժամադրուած էին համայնքային շրջանակները։ Համախմբումը թէեւ հերթական անգամ էր, սակայն շարժառիթը՝ աննախընթաց։ Արդարեւ, առաջին անգամ հանգանակութիւն տեղի ունեցաւ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին ի նպաստ։ Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած ընտանիքներու զաւակներուն յաճախած այս դպրոցը պոլսահայ իրականութեան մէջ ունի եզակի դիրք մը։ «Հրանդ Տինք» վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած մատաղօրհնութիւնը եկաւ ապացուցանել, որ այս հաստատութիւնը այլեւս լիարժէք ձեւով իւրացուած է մեր համայնքին կողմէ եւ անոր գործունէութիւնը կը խրախուսուի հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։ Երէկուան սիրոյ սեղանի մասնակիցները ունէին այն գիտակցութիւնը, որ այս դպրոցին համար կատարուած զոհողութիւնները կը համարուին սերունդներու համար ներդրում։ Հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութիւնը լի է օրինակներով այն ճշմարտութեան, թէ ամենածանր պարագաներու մէջ սերունդներուն տրուած ուսումը, դաստիարակութիւնը միշտ կ՚արդարանայ երկարաժամկէտ եւ մեր ժողովուրդի երախտաշատ զաւակները, որոնք այդ ուսումը կը ստանան, ապագային կը փարին հայոց հաւաքական արժէքներուն։ «Հրանդ Տինք» վարժարանը այս տեսակէտէ մերօրեայ ժամանակներու առանցքային կառոյցներէն մին է։

Ուրախառիթ է վկայել, որ այս դպրոցին ի նպաստ կազմակերպուած սիրոյ սեղանը եղած է արդիւնաբեր ու նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծէ անոր ապագայ գործունէութեան առջեւ։ Երէկուան մատաղօրհնութիւնը յատկանշական էր նաեւ ժամկէտին առումով։ Արդարեւ, յառաջիկայ կրթական շրջանէն սկսեալ «Հրանդ Տինք» դպրոցը պիտի վերահաստատուի Գումգաբուի Դրսի երբեմնի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի երդիքին տակ։ Սա առիթ պիտի ընձեռէ, որպէսզի տղաքը աւելի պատշաճ եւ յարմար մթնոլորտի մը մէջ ստանան իրենց ուսումը։ Անշուշտ, նոր շէնք մը ունենալը միեւնոյն ժամանակ նոր մարտահրաւէր մը կը համարուի դպրոցին տեսակէտէ, սակայն երէկուան մատաղօրհնութեան մթնոլորտն ու արդիւնքը կու գան յոյս ներշնչել, թէ մեր համայնքը պատրաստակամ է ամէն տեսակ զոհողութիւն յանձն առնելու՝ սատարելու համար այս վարժարանի առաքելութեան։

Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկուան արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ քարոզեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Քըլըճեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Հայր Սուրբը, որու կողքին էին տէր հայրները, նաեւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլին կողմէ գլխաւորուած դպրոցի կամաւորները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Ներկաներու շարքին էին Իսթանպուլի երեսփոխան Կարօ Փայլան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանէն Մարգրիտ Տիքմէ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, կրթական մշակներ եւ հիւրեր։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ դպրոցի հայերէնի ուսուցչուհի Լիլիթ Պօղոսեանի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթներով հանդէս եկան տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, Դալար Հորոզօղլու, Ռաքել Տինք, վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, ինչպէս նաեւ իրաւաբան Ֆեթհիյէ Չեթին, որ եւս մասնակիցներու շարքին էր։ Դպրոցի պատասխանատուները մատնանշեցին, որ 148 աշակերտ, 21 կրթական մշակ եւ երկու պաշտօնեայ կը գտնուին հաստատութեան երդիքին տակ։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ «Հրանդ Տինք» դպրոցի սաները հանդէս եկան զանազան յաջող ելոյթներով եւ արժանացան ծափահարութիւններու։ «Հրանդ Տինք» վարժարանի ուսուցիչները վերահսկած էին աշակերտներուն ելոյթները։ Բաց աստի, անոնք մեծ սիրով ու եռանդով մասնակցեցան սիրոյ սեղանի պատրաստութիւններուն։ Թէեւ յայտարարուած պիւտճէի բացը կարելի չեղաւ ամբողջութեամբ հաւասարակշռել, սակայն հանգանակութեան արդիւնքը ունեցաւ կարեւոր զօրակցութեան մը նշանակութիւնը եւ կը համարուի թթխմոր մը՝ դպրոցի գործունէութեան տեւականացման երաշխաւորման տեսակէտէ։

Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի խօսքերով եւ աղօթքով։  

                 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2017