ԱԹՍՈՒՓ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի տաղանդաւոր եւ խոստմնալից պատանիներէն Ռոպերթ Աթսուփ ուշագրաւ յաջողութիւն կ՚արձանագրէ ֆութպոլի մէջ։ Ան վերջերս ընտրուած է՝ մաս կազմելու համար Թուրքիոյ մինչեւ 15 տարեկաններու ֆութպոլի ազգային հաւաքականին։ Ռոպերթ Աթսուփ հեռանկարներ խոստացող մարզիկ մըն է եւ այս փուլին իր տարիքային դասաւորման մէջ ազգային հաւաքականին մաս կազմելն ալ, բնականաբար, լուրջ հեռանկարներ կ՚ուրուագծէ իր առջեւ։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ռոպերթ Աթսուփը, որ Մխիթարեան վարժարանի սաներէն է եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021