ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԴԱՄԲԱՐԱՆԸ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾ

Պատրիարքական Աթոռոյս նախորդ գահակալ՝ երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի Շիշլիի Ազգային գերեզմանատան հողակոյտի վրայ տեղադրուած է դամբարանը, ծրագրաւորումով ճարտարապետ Վազգէն Պարընի։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, յառաջիկայ 16 յունիս 2020, երեքշաբթի, ժամը 10.30-ին, պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն եւ նորակերտ շիրիմի բացում։

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020