ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ՊԵԿԻՉ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵՑ ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ԼԻՍԷ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտներէն Էմմանուէլ Պեկիչ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է լիսէներու մտից քննութեան մէջ։ Այսպէս, ան յաջողած է մուտք գործել Գերմանական վարժարան, ուր յառաջիկայ լիսէի շրջանին իրաւունք շահած է 100 տոկոս կրթաթոշակով ուսանելու։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Էմմանուէլ Պեկիչը, որուն նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք ապագայ ուսման մէջ։ Այս ուրախ առթիւ կը խնդակցինք իր երջանիկ ծնողաց ու ընտանիքին, նաեւ կը շնորհաւորենք Պէզճեան Մայր վարժարանի ընտանիքը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 5, 2022