ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԸՆԹՐԻՔԸ

Շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամրան աւանդական ընթրիքը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Կղզիի Ջրային մարզակումբի համալիրէն ներս, «By Güven» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։ Երեկոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Արսէն Գովան։ Ան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմնին։ Արդարեւ, վարժարանի նոր համալիրի կառուցումը կը շարունակուի թափով եւ մատակարար մարմինը երաշխաւորած է, որ այնտեղ գոյութիւն ունենայ Մխիթարեան սանուց միութեան նոր հաւաքատեղին։

Շուրջ երեք հարիւր հոգիի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ընթրիքը, որու ընթացքին երաժշտական յայտագիր գործադրեցին Յակոբ Կէօքչէ եւ «Տամլալար» նուագախումբը։ Բեմ առաւ նաեւ Արի Պարութօղլու։

Մխիթարեանցիներու այս հաւաքի մասնակիցներու շարքին էին համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր, հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2019