ՌՈՒՄԵԼԻ ՀԻՄԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ՍԱՆԴՈՒԽՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ռումելի Հիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Վոսփորի Եւրոպական ափի այս գողտրիկ եկեղեցւոյ 163-րդ հիմնադրութեան տարեդարձը երէկ նշուեցաւ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններով։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան խումբ մը ուխտաւոր դպիրներու կողմէ։ Տեղապահ սրբազան հայրը տուաւ օրուան պատգամը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ատենապետուհի Նուրիձա Եասուլքալի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։ Բացօթեայ սեղաններուն շուրջ համախմբուածներու շարքին էին համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Բոլոր ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։ Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2019