Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԳԼԽԱԴԻՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ Գլխադիր եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Խաչիկ Սրկ. Սարըլը եւ այլ դպիրներ։ Ներկայ էին նաեւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ իր գործակից ընկերները։ Արարողութեան ընթացքին նորին սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի եկեղեցւոյ բակին մէջ շարունակուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ մը։ Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, դպիրներն ու հաւատացեալները ջերմօրէն շրջապատեցին սրբազան հայրը, ստացան իր օրհնութիւնը եւ անմիջական զրոյց ունեցան անոր հետ։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2019