ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի մէջ «Amida'nın Sofrası» գիրքի հեղինակ Սիլվա Էօզեէրլի զրոյցի մը մասնակցեցաւ ընթերցասէրներու հետ։ Իրաւաբան Էլիֆսու Տիլէք Շէնի նախաձեռնութեամբ, «Թաշ» ճաշարանին մէջ կազմակերպուած այս երեկոյթի ընթացքին հեղինակը ներկաներու հետ զրուցեց Տիարպաքըրի խոհանոցին եւ կենցաղին շուրջ։ Սիլվա Էօզեէրլի խօսեցաւ գիրքը գրելու շրջանին տարած աշխատանքին շուրջ։

Ձեռնարկի աւարտին Սիլվա Էօզեէրլի տեղեկացուց, որ իր յաջորդ գիրքը պիտի վերաբերի լիքէօրներու։ Ան այս փուլին զրոյցի մասնակիցներուն հրամցուց իր պատրաստած լիքէօրները։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2020