ՁԵՌՔ-ՁԵՌՔԻ, ՈՒՍ-ՈՒՍԻ…

Ե­րէկ, Սա­մա­թիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ թա­ղի Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան սի­րոյ սե­ղա­նը։ 2015-2016 շրջա­նին եւս, ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, սի­րոյ սե­ղան­նե­րու մեկ­նար­կը դրուե­ցաւ պատ­մա­կան Սա­մա­թիա­յէն։ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ժա­մադ­րուած էին տա­րի մը եւս ձեռք-ձեռ­քի, ուս-ու­սի տա­լու հա­մար մեր վար­ժա­րան­նե­րուն ի նպաստ։ Իս­թան­պու­լա­հայ կրթա­կան հա­մա­կար­գը աս­տի­ճա­նա­բար կը դի­մագ­րա­ւէ ա­ւե­լի դժուար խնդիր­ներ։ Թէ­կուզ տե­սա­կա­նօ­րէն կը բարձ­րա­նան մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ե­կա­մուտ­նե­րը, սա­կայն ան­հա­մե­մա­տօ­րէն կ՚ա­ւել­նան նաեւ մեր վար­ժա­րան­նե­րու պիւտ­ճէի բա­ցե­րը, մինչ ա­շա­կեր­տու­թեան ընդ­հա­նուր թի­ւին ան­կումն ալ կ՚ըն­թա­նայ զու­գա­հեռ։ Այս կա­ցու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է հա­մայն­քէն ներս զօ­րա­կո­չի մը ձեռ­նար­կել, իսկ այս մէ­կուն հիմ­նա­կան նա­խադ­րեա­լը կը հա­մա­րուի ա­մուր կամ­քը։ Սա­մա­թիոյ ե­րէ­կուան սի­րոյ սե­ղա­նը այս ուղ­ղու­թեամբ ներշն­չեց լա­ւա­տե­սու­թիւն։ Ան­կախ հան­գա­նա­կու­թեան ար­դիւն­քէն՝ նոր շրջա­նի ա­ռա­ջին քայ­լա­փո­խին զգա­լի դար­ձաւ, որ հա­մայն­քէն ներս կայ զան­գուած մը, որ պատ­րաստ է մեր վար­ժա­րան­նե­րու ա­պա­գա­յին հա­մար պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­ներ ստանձ­նե­լու, զո­հո­ղու­թիւն­ներ յանձն առ­նե­լու։ Հե­տե­ւա­բար, բո­լո­րին մաղ­թանքն է, որ այդ լա­ւա­տե­սու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուի շօ­շա­փե­լի դրսե­ւո­րում­նե­րով եւ մեր վար­ժա­րան­նե­րուն եր­թը, ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուի կա­յուն հու­նի մը մէջ։

Սա­մա­թիոյ Ս․ Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը կա­յա­ցաւ ե­րէկ, նա­խա­գա­հու­թեամբ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ․ Ա­րամ Արք․ Ա­թէ­շեա­նի, որ քա­րո­զեց ալ։ Ս․ Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ․ Ե­ղի­շէ Վրդ․ Ուչ­քու­նեան։ Ս․ Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Խա­չիկ Սա­րը­լը, Գէորգ Ներ­կիզ, Տի­րան Ներ­կիզ սար­կա­ւագ­ներն ու այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րեց տեղ­ւոյն Սա­հա­կեան դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը՝ խմբա­վա­րու­թեամբ եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Սե­ւան Ա­կօ­շեա­նի։ Կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն՝ Սա­մա­թիոյ բա­րե­րար­նե­րուն, սա­տա­րող­նե­րուն հո­գի­նե­րուն հանգս­տու­թեան հա­մար։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին Սա­մա­թիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ․ Զա­քէոս Ծ․ Վրդ․ Օ­հա­նեան եւ Տ․ Զա­տիկ Վրդ․ Պա­պի­կեան։

Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն ետք ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան մը, ո­րուն նոյն­պէս նա­խա­գա­հեց Սրբա­զան Հայ­րը, ո­րու կող­քին էին նաեւ Տ․ Սա­հակ Եպսկ․ Մա­շա­լեան եւ այլ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ։ Պա­տուոյ սե­ղա­նին վրայ տեղ գրա­ւած էին ՍԾՏՀԿ­-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի մնա­յուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, Մայր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան փոք­րա­մաս­նու­թեանց խորհր­դա­կան Նա­տիա Թա­շէլ, Շիշ­լիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Վազ­գէն Պա­րըն, Պա­քըր­գիւ­ղի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Նուր­հան Չե­թին­քա­յա, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տի խորհր­դա­կան Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դին մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոց․ Տքթ․ Թո­րոս Ալ­ճան։ Ներ­կայ էին նաեւ հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բա­րե­րար­ներ, հրա­ւի­րեալ­ներ եւ հա­մա­կիր­ներ, ո­րոնք ջեր­մօ­րէն հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քին կող­մէ։

Օ­րուան խօս­նակն էր Խա­չիկ Սա­րը­լը։ Այս առ­թիւ սրտի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տէ­միր, ո­րու ե­լոյ­թը եւ ա­ռա­ւել եւս տա­րած ե­ռան­դոտ աշ­խա­տան­քը ար­ժա­նա­ցան ջերմ գնա­հա­տան­քի՝ տրուած ըլ­լա­լով որ ա­ռող­ջա­կան ծանր շրջա­նէ մը ետք ան վերս­տին նուի­րեալ ծա­ռա­յու­թեան լծուած էր հա­մայն­քէն ներս։ Տէ­միր ներ­կա­նե­րուն ծա­նօ­թա­ցուց Զա­պէլ Յա­կո­բեա­նը, որ թոռն է թա­ղի ա­նուա­նի բա­րե­րար­նե­րէն Մի­քա­յէլ Յա­կո­բեա­նի։

Ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կան Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նէն սա­ներ՝ Ա­ռէն Եաթ­սի, Լա­րի­սա Քա­պա­յէլ, Թա­լիա Թուա­նա Տաղ եւ Մու­րատ Սե­փեթ­ճի։ Մե­ներ­գե­ցին Քա­րին Սուս­մաք ու Լի­տա Քէօ­սէօղ­լու։ Տոհ­միկ եր­գեր հրամ­ցու­ցին Սա­հա­կեան երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը։

Սի­րոյ սե­ղա­նի ժա­մա­նակ յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նուե­ցան Նա­տիա Թա­շէ­լի, որ իր հո­գա­ծու­թիւ­նը չէր զլա­ցած Պա­լըք­լըի գե­րեզ­մա­նա­տան բա­րե­կարգ­ման ուղ­ղու­թեամբ, եւ Վազ­գէն Պա­րը­նին, որ ինչ­պէս ան­ցեալ տա­րի­նե­րուն, նե­ցուկ կանգ­նած էր մա­տա­ղօրհ­նու­թեան կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Իսկ Մկրտիչ Սէրթ­շիմ­շէք ալ օ­ձագ­լուխ վար­դա­պե­տա­կան գա­ւա­զան մը նուի­րեց Տ․ Զա­քէոս Ծ․ Վրդ․ Օ­հա­նեա­նին։

Հա­ւա­քոյ­թը ա­ւար­տե­ցաւ Տ․ Ա­րամ Արք․ Ա­թէ­շեա­նի հուսկ բան­քով, ո­րու ըն­թաց­քին ան անդ­րա­դար­ձաւ հան­րա­յին ինչ ինչ հար­ցե­րու։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2015