ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանը, որուն կ՚ընկերանային իր գործակից ընկերներէն Դաւիթ Տամլա եւ Մինաս Արսլան։ Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ շաբաթավերջին նախատեսուած է Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը։ Ըստ ընկալեալ սորովութեան թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները փափաքած էին տարեկան սիրոյ սեղանի ընդառաջ այցելեց մեր խմբագրատունը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք տեղեկութիւններ տուին Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի գործունէութեան եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ներկայ ընդհանուր կացութեան շուրջ։ Թաղային խորհուրդի անդամները մատնանշեցին, որ Պէզճեան Մայր վարժարանը կը շարունակէ իրականացնել իր առանձնայատուկ առաքելութիւնը մեր կրթական համակարգէն ներս։ Հարուստ աւանդութիւններով այս կրթօճախը ներկայիս եւս կը շարունակէ պահել իր մակարդակը, հակառակ զանազան դժուարութիւններու։ Թաղային խորհուրդը ընդգծեց, որ տնօրէնուհի Թալին Նայիրի կողմէ գլխաւորուած կրթական մշակները առաւելագոյն զոհողութեամբ ուսում կը ջամբեն Պէզճեան Մայր վարժարանի աշակերտներուն։ Թաղային խորհուրդն ալ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ հաստատութեան պիւտճէն հաւասարակշռելու եւ գործունէութիւնը կայուն հունի մը մէջ պահելու համար։

Հրանդ Մոսկոֆեան եւ ընկերները ընդգծեցին, որ այս տարի եւս Պէզճեան Մայր վարժարանը ունեցած է ձեռքբերումներ եւ անոնց տեւականացման համար թաղային խորհուրդը կ՚ապաւինի մեր համայնքի զօրակցութեան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2019