ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԵԾՆ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑ՝ ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՏԵՂՈՒՄՈՎ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ ոգեկոչեց մեծն Կոմիտաս Վարդապետը՝ իր ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Կոմիտասին ձօնուած գրական-երաժշտական հանդիսութիւնը մաս կազմեց Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակի ձեռնարկներու շարքին։ 175-ամեակի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհի Հերմինէ Պենլիօղլուի եւ գործակից ընկերներուն ջանքերով, Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդի եւ Տատեան վարժարանի տնօրէնութեան խրախուսանքով կեանքի կոչուած ծրագիր մըն էր այս մէկը։ Երէկ, կէսօրուան ժամերուն ձեռնարկը Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ՝ համայնքային վարժարաններու աշակերտութեան համար։ Երեկոյեան ալ ծրագիրը կրկնուեցաւ մեր համայնքի գեղարուեստասէրներուն համար։

Անմահ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն» յայտնի գործի ներշնչումով պատրաստուած էր յայտագիրը, որու դերակատարներն էին Արամ Կոստանեան, Լիտա Քէօսէօղլու, Արի Պարութօղլու, Արալ Ճան Տուվարճը, Աքսէլ Ճերանօղլու, Կարէն Արսլան եւ Պուրակ Սիւմէր։

Իսկապէս գնահատելի աշխատանք մը տարուած է Պաքըրգիւղի ընտանիքին կողմէ եւ արդիւնքը եղած է յաջող։ Երկու յոբելեաններու համատեղումն ալ աւելի տարբեր իմաստ մը վերագրած է այս ձեռնարկին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2019